Loading Events

Remembrance of The Ten Virgins, Տասը կոյսերի յիշատակութեամբ երեկոյեան ժամերգութիւն

  • This event has passed.
March 30, 2021 @ 6:30 pm - 7:30 pm

Աւագ Երեքշաբթի – Տասը կուսանաց

Remembrance Day of the 10 wise
virgins. As wise virgins we have to be attentive and have
to keep the torches of faith lit as we do not know when
the groom will come at the end of times.

Տասը կոյսերու յիշատակութեան, ինչպէս նաեւ հրեաներու հարցումներուն Քրիստոսի բացատրութեան ու փարիսեցիներու յանդիմանութեան օրն է։ Եկեղեցին Աւագ Երեքշաբթի օրը կը յիշատակէ տասը կոյսերու առակը եւ Վերջին Դատաստանի բացատրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ջրհեղեղը եւ մարդկութեան կրկին սկզբնաւորումը։ Աւագ Շաբթուան երկրորդ օրը՝ Աւագ Երեքշաբթին, ժողովուրդին մօտ ծանօթ է ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ յիշատակի օր անունով։
Այս կոչումը կու գայ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին կարդացուող Աւետարանի այն դրուագէն, երբ աշակերտներու հարցին վրայ՝ թէ ե՛րբ պիտի գայ Աստուծոյ արքայութիւնը, Յիսուս անոնց կը պատասխանէ առակով մը, հետեւեալ բովանդակութեամբ.

Հարսնիքի մը ընթացքին տասը կոյսեր, իրենց լապտերները ի ձեռին, մեծ խանդավառութեամբ կը սպասեն փեսային ժամանման, անոր հետ մտնելու հարսնարան եւ ուրախանալու։ Տասը կոյսերէն հինգը իմաստուն էին, որոնք իրենց հետ վերցուցած էին յաւելեալ ձէթ՝ իրենց լապտերներուն համար, մինչ միւս հինգը յիմար էին՝ որովհետեւ իրենց հետ չէին առած պահեստի վառելանիւթ։ Փեսան կ’ուշանայ, իսկ կոյսերը քունի կ’անցնին։ Երբ ուշ ժամերուն կը յայտարարուի թէ ահա փեսան կու գայ, կոյսերը անմիջապէս կը պատրաստուին փեսան դիմաւորելու, սակայն միայն իմաստուն կոյսերը կը կարողանան փեսան դիմաւորել եւ անոր հետ հարսնարան մտնել, որովհետեւ իրենց հետ տարած յաւելեալ վառելանիւթով իերնց լապտերները կը վառեն, մինչ միւս հինգը քաղաք կը շտապեն ձէթ գնելու եւ իրենց լապտերները վառելու։ Սակայն արդէն ուշ կ’ըլլայ, իրենց վերադարձին՝ հարսնարանի դուռը փակ կը գտնեն եւ զուր տեղը դուռը կը բախեն, դուռը բացող չ’ըլլար (Մտթ. 25.1-13)։

Այս առակով Յիսուս մարդոց կը զգուշացնէ եւ կը թելադրէ, որ իրենց հաւատքի ճրագները միշտ վառ պահեն, արթուն հսկեն, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ Տիրոջ ահեղ Գալուստին եւ Յայտնութեան օրը կամ ժամը։
Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին այս առակը նաեւ թատերական ձեւով կը ներկայացուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներէն ներս։ Աւետարանի ընթերցանութեան ժամանակ, տասը կոյս փոքրիկ աղջիկներ, շապիկ հագուած, կը կանգնին եկեղեցւոյ դասին մէջ, իրենց ձեռքերուն վառած մոմեր բռնած։ Երբ Աւետարանական ընթերցումը կը հասնի տասը կուսանաց առակին, իւրաքանչիւրը անոնցմէ ափսէի մէջ դրուած ու ծալլուած տասը թուղթերէն մէկը կը քաշէ։ Թղթիկներուն հինգին վրայ գրուած կ’ըլլայ ԻՄԱՍՏՈՒՆ, իսկ հինգին վրայ՝ ՅԻՄԱՐ։ Անոնց որոնց յիմար գրուած թուղթը վիճակուի՝ կը մարեն իրենց ձեռքի մոմերը, մինչ իմաստուն գրութիւնը ունեցողները՝ վառած կը պահեն զանոնք։

Details

  • Date: March 30, 2021
  • Time:
    6:30 pm - 7:30 pm